ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

126813774_1701667533326456_5640583365765410127_o

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՏԻԱՆԱ ԳԱՄԲԱՐՈՍԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԿՈՂՄԷ…ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՆԱԵՒ ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ…

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 22 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց Գալֆաեան Տան տարեկան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, իսկ ներկայ եղաւ՝ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Առաքինազարդ Քոյր Գայեանէ Կ.Սրկ. Տուլքատիրեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան Դպրաց Դասու անդամներու կողմէ, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Սեւան Ակօշեանի։

126806518_1701667733326436_7556939921509633202_o

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝ Տիանա Գամբարոսեանի գլխաւորած Գալֆաեան Տան Խնամակալութեան անդամները, ինչպէս նաեւ Տնօրէնուհի Թամար Նէրկիզ։ Քորոնա Համավարակի պատճառաւ տօնախմբութիւնը սահմանափակուած էր միայն Ս. Պատարագով եւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ։

Նախ քան Տէրունական աղօթքը, Պատրիարք Սրբազան Հայրը քարոզեց ու առաջին հերթին յիշատակեց Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ՝ նորոգ վախճանեալ Սեպուհ Արքեպիսկոպոսը։ Նորին Ամենապատուութիւնը, ներկայացուց վախճանեալ հոգեւորականին արժանիքները եւ շեշտեց թէ անոր գործունէութիւնը յիշարժան պտուղներ թողած էր։ Ան, ծնած ըլլալով Մալաթիոյ մէջ, Պոլսահայութեան նկատմամբ միշտ ունեցած էր սէր ու յարգանք, ուստի իր վախճանումը նաեւ ցաւ պատճառած էր Պոլսահայութեան մօտ։ Պատրիարք Հայրը ըսաւ թէ, Սեպուհ Սրբազան յատկապէս Գուգարաց Թեմէն ներս կը ներկայանար քաջ հովիւի տիպարով եւ այս պատճառաւ իր կեանքը պէտք է ընկալել շահուած կեանք մը։ Պատրիարք Հայրը ապա մեկնաբանեց օրուան Սուրբ Գրական բաժինը եւ երկնային գանձեր դիզելու ձեւը յիշեցուց։ Մարդասիրական ծառայութիւնը եւ ուրիշներու կեանքերէն ներս լոյս դառնալու յաջողութիւնը, շատերս պիտի ուղղէր այս սրբազան նպատակին։ Այս շրջագիծով որպէս օրինակ ներկայացուց Գալֆաեան Որբանոցը եւ իր առաքելութիւնը։ Պոլսահայութեան եզակի հաստատութիւններէն՝ Գալֆաեանի նշանաբանը տարիներ շարունակ եղած էր՝ օգնել կարիքաւոր զաւակներուն։ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեան այս տեսլականով հիմնած էր հաստատութիւնը, ինչպէս նաեւ Գալֆաեան Ուխտի Միաբանութիւնը։ Տարիներ առաջ հաստատուած այս հիմքերով, Գալֆաեանը մինչեւ այսօր շարունակած է գործել եւ ներկայիս կը շարունակէ իր առաքելութեան։ Պատրիարք Հայրը, այս առիթով շնորհաւորեց վարժարանի խնամակալութիւնը, տեսչութիւնն ու ուսուցչաց կազմը։

Պատրիարք Հայրը աւելի յետոյ անդրադարձաւ Գալֆաեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետուհի՝ Տիանա Գամբարոսեանի համայնքանուէր ծառայութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ ծառայութեան գաղափարը լաւագոյնս իւրացուցած համայնքի անդամներէն մին էր Տիկին Տիանան ու մարդասիրական գործունէութեանց եւ մշակութային բազում ձեռնարկներու մէջ տասնեակ տարիներ խորհրդանշական դէմքերէն մին դարձած էր ան։ Իր գնահատելի ծառայութիւնը պէտք էր գնահատուեր եւ այս գնահատանքը ո՛չ միայն զինքը, այլ՝ իր ծառայութիւն մատուցած ժողովուրդը պատուելու համար պիտի ըլլար։ Պատրիարք Հայրը, ապա յայտարարեց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ գնահատուած էր իր երկարամեայ ծառայութիւնը եւ պիտի պատուուէր «Յովհաննէս Կոլոտ Ոսկեայ Շքանշան»ով։ Ապա Յարութիւն Աբեղան կարդաց Պատրիարքական Օրհնութեան Գիրը, որմէ յետոյ Պատրիարք Հայրը յանձնեց շքանշանը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ ու յիշատակուեցան Գալֆաեան Ուխտի Միաբանութեան եւ Որբանոցի հիմնադիր հոգեւորականները, Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի գլխաւորութեամբ՝ Միաբանութեան վախճանեալ մայրերն ու քոյրերը, ինչպէս նաեւ վարժարանի բարերարները, կրթական մշակներն ու սաները եւ նորոգ վախճանեալ Սեպուհ Արքեպս. Ջուլճեանը:

Video: https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/videos/761622184567571/

  • 126818561_1701667696659773_381223894148093759_o
  • 126806518_1701667733326436_7556939921509633202_o
  • 126813774_1701667533326456_5640583365765410127_o
  • 126899185_1701667656659777_778950204252266267_o
  • 126903738_1701667686659774_6024549033603329760_o