ԳԱԼՖԱՅԵԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Սկիւտարի Գալֆայեան խնամակալութեան անդամները, առաջնորդութեամբ Ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանի, 27 Նոյեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, ժամը 15.30-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Առաքինազարդ Քոյր Գայեանէ Կսրկ. Տուլքատիրեան։

 

Այցելուները եկած էին Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը հրաւիրելու իրենց մօտալուտ մատաղօրհնութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 1 Դեկտեմբեր 2019, Կիրակի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

2019 KALFAYAN

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։