ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ ՏԱՆ, ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ԵՒ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

kalfayanԳալֆայեան Տան, Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ վարիչները, 22 Հոկտեմբեր 2013, Չորեքշաբթի օր, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելուները աշխարհիկ եւ հոգեւոր հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Գալֆայեան Տան խնամակալութեան անդամները ժամը 10.00-ին ներկայացան, գլխաւորութեամբ Առաքինազարդ Քոյր Գայեանէ Տուլքատիրեանի։  Այցելուները, յայտնեցին որ 1 Դեկտեմբեր 2013, Կիրակի առաւօտ, հոգեհանգստեան Ս. Պատարագի մատուցմամբ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուէր Գալֆայեան Տան հիմնադիր՝ Սրբուհի Մայրապետ Գայֆայեանի, ինչպէս նաեւ Գալֆայեան ուխտի միաբանութեան հանգուցեալ մայրերու եւ քոյրերու հոգւոցն ի հանգիստ։ Պէզճեան Սրահին մէջ, պիտի սարքուէր նաեւ սիրոյ սեղան ի նպաստ Գալֆայեան Տան։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

altimermerԱլթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը ժամը 14.00-ին ներկայացաւ, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի եւ յայտնեց թէ եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենար 15 Դեկտեմբեր 2013, Կիրակի օր։ Տիկնանց կազմի անդամները իրենց աշխատութեանց մասին Նորին Սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին։

gedikpasaԿէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները ժամը 16.00-ին ներկայացան, գլխաւորութեամբ ատենապետ Յարութիւն Շանլըի եւ յայտնեցին թէ 29 Դեկտեմբեր 2013, Կիրակի, պիտի կատարուէր եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը եւ մատաղօրհնութիւնը եւ տեղակութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած գործունէութեանց մասին։

Նորին Սրբազնութիւնը, գնահատեց ներկայացող վարիչներըեւ բոլորին յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղենուէր եւ կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։