ԳԱՂԹԱԿԱՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ ԶԲԱՂՈՂ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 6 Մայիս Ուրբաթերեկոյեան ընդունեց Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցւոյ օժանդակութեան մարմին EKD Diakonisches Werk-էն 14 հոգինոց պաշտօնեաներու խումբ մը։

Խումբի անդամները Գերմանիոյ զանազան մարզերուն մէջ պաշտօնի կոչուած էին զբաղելու համար Միջին Արեւելքէն դէպի Գերմանիա քաղաքական ապաստանխնդրող թուրք, հայ, քիւրտ, ասորի, արաբ եւ պարսիկփախստականներու եւ գաղթականներու հարցերով։ Խումբը արդէն իսկ շրջած էր Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան նահանգները եւ այժմ կ՚այցելէր Հայոց Պատրիարքութիւնը՝ որպէս կեդրոնը Թուրքիոյ ամենաբազմամարդ ոչ-մահմետականփոքրամասնութեան, հասկնալու համար թէ մարդիկինչո՞ւ Եւրոպա եւ Ամերիկա կը գաղթէին, արդեօքվերադարձողներ կայի՞ն եւ եթէ այո, ի՞նչ բան փոխուածէր Թուրքիոյ մէջ որ կը վերադառնային։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ պարզեց, որ ինքկրնայ խօսիլ միայն Հայ համայնքի փորձառութեանցմասին։ Ապա ըսաւ, որ անցեալ տասնամեակներունհայեր արտագաղթած են մանաւանդ այդժամանակաշրջաններուն, երբ խտրականութիւն կարփոքրամասնութիւններուն դէմ, կամ ահաբեկչութեանպատճառաւ անապահով զգացած էին։ Ընկերային-քաղաքական աննպաստ մթնոլորտը ժխտականանդրադարձ ունեցած էր նաեւ համայնքի անդամներունգործի յարաբերութիւններուն եւ տնտեսականկայունութեան վրայ, ուստի շատեր արտասահմանգաղթած էին նաեւ տնտեսական պատճառներով։Պատրիարք Հայրը աւելցուց, որ այս տարուանընթացքին եւս, նկատի ունենալով որ 1915-ի դէպքերըգրեթէ ամէն օր կ՚արծարծուէին հեռուստակայաններուեւ մամուլի մէջ, լարուած մթնոլորտէն ազդուող կարեւորթիւով հայազգի երիտասարդներ կը գաղթէին արտասահման։

Ասոր փոխարէն, աւելցուց Պատրիարք Հայրը,անհամեմատելիօրէն քիչ է արտասահմանէն Պոլիսապրելու համար վերադարձողներու թիւը։