ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՈՒ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին, ընդունեց Գանատայի Անգարայի մօտ նորանշանակ Դեսպան՝ Ճամալ Քոքար եւ Աւագ Հիւպատոս Պրահիմ Աշութալը։

 

Այցելու Դեսպանն ու Հիւպատոսը եկած էին քաղաքավարական այցելութեամբ՝ ծանօթանալու համար Թուրքիոյ Հայ Համայնքի հոգեւոր կեդրոնին եւ անձամբ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։ Պատրիարք Սրբազան Հայրը ինչ ինչ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ստանպուլահայ Համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյ մասին։

2020 CANADA

Մեծայարգ Դեսպանն ու Հիւպատոսը յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնը։ Իսկ Նորին Ասենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առթիւ, նաեւ կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Դեսպանին իր նոր պաշտօնին մէջ։