ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆԴԱՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

kanadaԳանատայի Խորհրդարանի անդամ եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Պօպ Տէքէրթ, 13 Յունուար 2013, Կիրակի, ժամը 14.20-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելութեան մասնակցեցան Քաղաքացիական Նախարարի գլխաւոր օգնական Քրիսթոֆըր Մահոն, նոյն նախարարութենէն Ճէյսըն Քէնի եւ Գանատայի Ստանպուլի աւագ հիւպատոս Շոուըն Սթէյլ։

Մեծայարգ հիւրը յայտնեց որ քաղաքս այցելութեան առթիւ փափաքած է այլ համայնքներու նման, այցելել նաեւ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոն՝ Պատրիարքական Աթոռին եւ ծանօթանալու հայ համայնքին։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, ան հարցումներ ուղղեց նաեւ Սուրիոյ Հայ համայնքի վիճակին մասին։

Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց ու տեղեկութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Հայութեան անցեալին, համայնքային կառոյցին ու այժմու վիճակին մասին։ Ան, շնորհակալութիւն յայտնեց մեծայարգ հիւրին այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իր առաքելութեան մէջ։

Մէկ ժամուան սիրալիր այցելութեան աւարտին, մեծայարգ հիւրն ու ընկերակիցները հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։