ԳԱՆԱՏԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական

kanadaԱնատօլու Մշակոյթներու Դաշնակցութեան (Anadolu Kültürleri Federasyonu) նախաձեռնութեամբ Գանատացի երեսփոխաններու խումբ մը, գլխաւորութեամբ դաշնակցութեան ատենապետի օգնական Ահմէտ Թաշիրճիի, 1 Սեպտեմբեր 2014, Երկուշաբթի, ժամը 16.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը, իրենց կեցութեան օրերուն, փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։ Այնուհետեւ, անոնք հետաքրքրուելով Թուրքիոյ Հայ համայնքի պատմութեամբ եւ այժմու վիճակով, Նորին Սրբազնութեան հարցումներ ուղղեցին Հայ համայնքի մասին։ Սրբազան Հայրը պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն։