ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ Ս. ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

kandilliԳանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին անդամները գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիգրան Գէորգեանի, 17 Յունիս 2013, Երկուշաբթի, ժամը 09.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 29 Յունիս 2013, Շաբաթ, Ս. Երկոտասան Առաքելոցն Քրիստոսի եւ Պօղոսի՝ երեքտասաներորդ Առաքելոյն Տօնին։ Այցելուները, օրուայ կրօնական հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Անոնք, եկեղեցւոյ վերաբացման արարողութեան առթիւ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբազնութեան։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Յայտնեց թէ, թաղային խորհուրդի անդամներ, հեռաւոր այս եկեղեցւոյ բարգաւաճման համար ջանք կը թափէին։ Ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ վերբացման առթիւ ներկաներ ականատեսը եղած էին տարուած աշխատանքներուն։ Նորին Սրբազնութիւնը, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց թաղային խորհուրդի անդամներուն, իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։