ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ Ս. ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԵՐԿՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

vlcsnap-error382Գանտիլլի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ մէջ, 7 Հոկտեմբեր 2017, Շաբաթ, նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի, Քրիստոսի Եօթանասուներկու Աշակերտներու տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ։

Սրբազան Հօր սոյն այցելութիւնը, անրանիկ այցելութեան բնոյթ ունէր Ս. Առաքեալներուն նուիրուած այս եկեղեցիէն ներս եւ ներկաներ եկեղեցւոյ մուտքին ջերմօրէն ողջունեցին Նորին Սրբազնութեան ներկայութիւնը։ Արարողութեանց մասնակցեցան եկեղեցւոյ այցելու երէց՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ ուխտաւորներ։

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ Բրկ. Մուրատ Կսրկ. Կոստանեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Նշան Սրկ. Չալկճեանի։

Արարողութեան աւարտին, Տեղապահ Սրբազան Հայրը, անդրադարձաւ Քրիստոսի աշակերտելու պայմաններուն, որոնց գլխաւորն էր արարողութեանց ճամբով հաղորդակցիլ Քրիստոսի եւ Իր վարդապետութեան։ Այնուհետեւ, օրինակով մը բացատրեց թէ՝ պէտք է գիտնանք թէ ո՞ւր կը գտնուինք եւ որո՞ւն կը ներկայանանք։ Յիշեցուց թէ՝ Քրիստոսի աշակերտելու նպատակն է՝ Իր սրբութենէն բաժին ստանալ։ Այնուհետեւ շեշտեց թէ ներկաներ պէտք է իրենց ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ սրբութիւնը պահելու կամքը ունենան։ Իր խօսքերու աւարտին, յիշեցուց նաեւ թէ՝ ո՛չ միայն եկեղեցին, այլ Աստուծոյ շնորհքով Հայ Ժողովուրդին ընծայուած իւրաքանչիւր հաստատութիւն սրբութեան կանչուած է։ Պոյսոյ իրականութեան մէջ այս հաստատութեանց գլուխը կը գտնուի՝ Պատրիարքական Աթոռը։ Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց, որպէսզի ժողովուրդը սրբութեամբ պահէ այդ հաստատութիւնը եւ իր հովանիին ներքեւ համախմբուած զգայ թէ ի՞նչ կը նշանակէ՝ Քրիստոսի աշակերտիլ։

Նկատելով որ՝ Սկիւտարի մէջ Պետրոս Դուրեանի շիրիմին մօտ բացում մը կը կատարուէր, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի, Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի, Շահան Արքեպիսկոպոս Սվաճեանի, Տիրամայր Իսկուհի Խաչատուրեանի, Տիրամայր Արուսեակ Դուրեանի եւ վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի հոգւոցն ի հանգիստ։

Հոգեւոր հանդիսութեանց աւարտին, ներկաներ բոլորուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։ Տիգրան Գէորգեան, յանուն թաղային խորհուրդին, շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ արարողութեանց մասնակից բոլոր ներկաներուն։ Սոյն այցելութեան առթիւ, Տեղապահ Սրբազան Հօր նուիրուեցաւ, Պատարագիչ Գրիգոր Աւ. Քհնյ.ի աշխատասիրած «Գանտիլլիի Յուշամատեան»ը։IMG_3123

Սրբազան Հայրը, յիշեց թէ Պոլսոյ հեռաւոր թաղի այս եկեղեցին անցեալին այցելած էր Շնորհք Պատրիարքի առաջնորդութեամբ։ Ինք ուրախ էր, անունով նշանակալից՝ առաքեալներու նուիրուած այս եկեղեցիի այցելութեամբ եւ իր մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի մասնակցութեամբ։ Այնուհետեւ, մաղթեց տարբեր առիթով կրկին այցելել սոյն եկեղեցին եւ որպէս ուխտագնաց՝ մասնակցիլ արարողութեանց։ Իր խօսքերու աւարտին, Տեղապահ Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց կատարուած հիւրասիրութեան համար եւ գնահատեց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Տիգրան Գէորգեանի։

IMG_3125