ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ Ս. ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, 11 Յուլիս 2019, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին, առաջնորդութեամբ Եկեղեցւոյ այցելու երէց՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի այցելեցին Գնալը Կղզիի Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

2019 KANDILLI

Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հետեւեալ անձերէ կը բաղկանայ. Յովհաննէս Ֆէնէրճեան, Դաւիթ Թիւթիւն եւ Արլէթ Ինճիտիւզէն։ Հիւրերը, նախ շնորհաւորեցին Տեղապահ Սրբազան Հայրը եւ իրեն մաղթեցին յաջողութեամբ լի գործունէութիւն։ Ապա, յայտնեցին թէ՝ 20 Յուլիս 2019, Շաբաթ, Ս. Երկոտասան Առաքելոցն Քրիստոսի եւ Պօղոսի Առաքելոյն Տօնին, պիտի կատարուի եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։ Այցելութեան առիթով, եկեղեցւոյ ներկայ վիճակին մասին տեղեկութիւններ եւս փոխանցուեցան։ Գանտիլլի Եկեղեցին, Պոլսոյ հեռաւոր եկեղեցիներէն մին է, որուն մէջ կատարելի արարողութիւնը առիթ պիտի դառնայ որ, գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ տօնական ուրախութիւնը տիրապետէ։ Այս առթիւ կատարելի տօնախմբութեանց հրաւիրուեցաւ՝ Նորին Սրբազնութիւնը։ Հիւրերը, նկատելով Ս. Թարգմանչաց Տօնը, շնորհաւորեցին նաեւ Տեղապահ Սրբազան Հօր անուան Տօնը, մաղթելով արեւշատ օրեր։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն փափկավարական այցութեան։ Այս առթիւ իր օրհնութիւնները փոխանցեց տեղւոյն թաղային խորհուրդի անդամներուն եւ մաղթեց կարողութիւն ու յաջողութիւն իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց համար։