ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ Ս. ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

Գանտիլլի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ 20 Յուլիս 2019, Շաբաթ, նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ՝Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի։ Արարողութեանց մասնակցեցան Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ուխտաւոր սարկաւագներ, դպիրներ եւ Պոլսոյ զանազան թաղերէն փութացած հաւատացեալներ։

 

Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ այցելու երէց՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Գրիգոր Սրկ. Քիւչիւքիւթիւճեան, Բրշ. Հրաչ Սրկ. Սուրենեան, Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Բրկ. Սարգիս Կսրկ. Տէմիրճեան եւ Բրկ. Սարգիս Ուր. Դպ. Բարսեղեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Նշան Սրկ. Չալկճեանի։

KANDILLI 2

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Տեղապահ Սրբազան Հայրը, «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ» (Մատթ. ԺԱ.28) բնաբանով եւ յիշեցուց թէ Քրիստոս կը խոստանայ խաղաղութիւն շնորհել իր հետեւորդներուն։ Իր խօսքերուն մէջ տարբերութիւնը բացատրեց աշակերտի եւ առաքեալի եւ ըսաւ. «Աշակերտը կը սորուի տակաւին, իսկ առաքեալը այլեւս ուսուցիչ ըլլալու պատարաստ է։ Քրիստոսի աշակերտները, առաքեալ դարձան քանի անոնք ուղարկուեցան դէպի աշխարհ Քրիստոսի վարդապետութիւնը բացատրելու համար։ Քրիստոսի եկեղեցին առաքեալներու տրուած ուղիով հաստատուեցաւ եւ տակաւին կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր։ Հետեւաբար առաքելական եկեղեցի, կը նշանակէ առաքեալներու առաքելութեան վրայ հասատատուած հաւատքի հասատատութիւն»։

 

Սրբազան Հայրը իր խօսքերու մէջ յիշեց նաեւ Գանտիլլիի Եկեղեցին, որուն անուան տօնախմբութիւնը կը կատարուէր։ Պոլսոյ հեռաւոր այս եկեղեցւոյ  կարեւորութիւնը շեշտեց հետեւեալ խօսքերով.«Այս եկեղեցին տակաւին կանգուն կը մնայ։ Սերունդներ անցան, բայց ան տակաւին կը շարունակէ մնալ ու պիտի մնայ որքան ժամանակ որ իր մէջ աղօթք արտասանուի։ Տեսէ՛ք այս տաք օրուան մէջ, ո՛չ միայն Պոլսոյ տարբեր թաղերէն հաւատացեալներ, այլ՝ արտասահմանի Հայկական գաղութներէն հաւատացեալ սպասաւորներ փութացած են այստեղ։ Ուրեմն այս եկեղեցին առաքեալներու անունով միասցնելու խորհրդաւոր զօրութիւնը ունի։ Այս եկեղեցին կանգուն կը մնայ համայնքի ջանասէր անդամներուն կողմէ, որոնք իրենց ձեռքը քարին տակ դնելու առաքինութիւնը ունին։ Կը յիշենք անցեալի սպասաւորները, եւ կ՚աղօթենք ներկայ սպասաւորներու բարօրութեանը համար։ Աստուած իրենց շնորհէ իմաստութիւն, որպէսզի այս բարոյական արժէքը միշտ պատնէշի վրայ մնայ եւ վկայէ մեր անցեալին»։

 

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, եկեղեցւոյ վախճանեալ հոգեւոր սպասաւորներուն, հիմնադիրներուն, ծառայողներուն, բարերարներուն, ներկայ բարերարներու հանգուցեալ պարագաներուն եւ հանգուցեալ թաղեցի հաւատացեալ ժողովուրդին հոգւոցն ի հանգիստ։

KANDILLI 1

Հոգեւոր հանդիսութեանց աւարտին, ներկաներ բոլորուեցան սիրոյ սեղաններու շուրջ։ Յովհաննէս Ֆէնէրճեան, յանուն թաղային խորհուրդին, շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ արարողութեանց մասնակից բոլոր ներկաներուն, որոնք նոյնիսկ ամրան տաք օդերուն, յանձն առած էին մասնակցիլ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։ Սրբազան Հայրը, այս առիթով նորակազմ թաղային խորհուրդի անդամները օրհնեց, իրենց մաղթեց յաջողութեամբ պսակուած օրեր։ Նորակազմ Թաղային Խորհուրդին կ՚անդամակցին. Յովհաննէս Ֆէնէրճեան, Դաւիթ Թիւթիւն եւ Արլէթ Ինճիտիւզէն։