ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ Ս. ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

kandilliԳանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին անդամները գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիգրան Գէորգեանի, 03 Յուլիս 2014, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 19 Յունիս 2014, Շաբաթ, Ս. Երկոտասան Առաքելոցն Քրիստոսի եւ Պօղոսի՝ երեքտասաներորդ Առաքելոյն Տօնին։ Այցելուները, օրուայ կրօնական հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Այս այցելութեան առթիւ, թաղային խորհուրդի անդամները Նորին Սրբազնութեան ծանօթացուցին Գանտիլլի բնակող երկու երիտասարդները։ Անոնք բարի դրացնութեան օրինակը ցոյց տալով, Թաղի Եկեղեցւոյ հետ կը հետաքրքրուէին եւ ամէն առթիւ օգտակար կը հանդիսանային թաղային խորհուրդի գործունէութեանց։ Տակաւին իրենց նման ուրիշ երիտասարդներ եւս գոյութիւն ունէին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Նորին Սրբազնութիւնը այցելու երիտասարդներու մասին եւս լսելով, իր գոհունակութիւնը յայտնեց։ Շեշտեց դրացիութեան կարեւորութիւնը եւ խրատեց որ միշտ նոյն ընթացքը շարունակուի հեռաւոր այս թաղին մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց թաղային խորհուրդի անդամներուն, իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։