Գատըգիւղի Գերեզմանատուն, Ուզունչայըր

(Uzunçayır, Taş Ocağı Sok. No: 34, 34722 Hasanpaşa)
Հեռ.՝ (0212) 326-4032.

Գատըգիւղի մէջ հայերը ունեցած են երկու գերեզմանատուներ։ Հինը, որ կը գտնուէր քաղաքին կեդրոնը, ըստ դրան վրայի արձանագրութեան հիմնուած էր 1740-ին։ 1890-ական թուականներուն այս գերեզմանատունը ապասեփականացուեցաւ եւ անոր տեղ հայոց իբր գերեզմանատուն յատկացուեցաւ Ուզունչայըր կոչուած տեղւոյն վրայ ընդարձակ գետին մը։ Տարածութիւնն է 7000 քռ. մեթր։

Այս գերեզմանատան մէջ կը հանգչին՝
Յովհաննէս Աւագ Քահանայ Հիւնքեարպէյէնտեան                 (1818-1894)
Արեւելեան երաժշտութեան հռչակաւոր երգահաններէն Թադէոս Էֆ. Էքսէրճեան     (1858-1913)