ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

IMG_3185Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 11 Հոկտեմբեր 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Ընտանիքի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ՝ եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։

Այցելուներ, շնորհաւորեցին Տեղապահ Սրբազանը եւ յաջողութիւն մաղթեցին իր պաշտօնին մէջ։ Յայտնուեցաւ թէ՝ Տեղապահ Սրբազան Հօր կը ներկայանար թաղի տարբեր մարմիններէ ներկայացուցիչները։ Ներկայ էին՝ թաղային խորհուրդի ատենապետ՝ Արման Պիւքիւճեան, Արամեան Ունճեան Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ՝ Սարվէն Սէրթշիմշէք, Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի Դպրապետ Բրկ. Զարեհ Ուր. Դպ. Ազարեան, Տնօրէն Խորհուրդէն՝ Ալին Շէնճան եւ Անի Ֆէնէրճի, Արամեան Սանուց Միութենէն՝ Արլէթ Կիւնթէր, Տիկնանց Կազմէն՝ Ատենապետուհի Վէրժին Պիւքիւճեան, Անահիտ Պալեան, Ազնիւ Չօպան, Նէլլի Սիրունեան եւ Արտա Ուզուն։ Քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ առիթը կը գտնէին թաղի համայնքային կեանքի մասին Նորին Սրբազնութեամբ տեղեկութիւններ փոխանցելու։ Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ՝ ինք տարբեր առիթներով լսած էր թաղի աշխատութեանց մասին եւ ինք հայրական ուրախութեամբ կ՚ողջունէր հոգեւոր եւ կրթական աշխուժութիւնը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին, Յարութիւն Աբեղան, Տեղապահ Սրբազան Հօր նուիրեց, Գրիգոր Աւ. Քահանայի երկու աշխատասիրութիւնները ի մասին Գատըգիւղի։ Առաջինն էր՝ «Յուշապատում» գիրքը, իսկ երկորդը՝ Հինգ հատորներէ բաղկացեալ «Յուշամատեան Գատըգիւղի» աշխատասիրութիւնը։ Հնգամատեանի մէջ, նիւթերու պարունակութեանց համաձայն գլխաւորումներ եղած են եւ կը ներկայացուին Գատըգիւղի անցեալը, Եկեղեցական կեանքը, կրթական կեանքը, մշակութային գործունէութիւնները եւ բարեսիրական հաստատութիւնները։ Այցելուներ ուրախութեամբ յայտնեցին թէ թաղային խորհուրդի կազմերպութեամբ, 27 Հոկտեմբեր 2017, Ուրբաթ, երեկոյեան պիտի կատարուէր «Յուշամատեան Գատըգիւղի» աշխատութեան շնորահանդէսը։ Կատարելի սոյն հանդիսութեան համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնն ու Տեղապահ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը։

Սրբազան Հայրը, իր ուրախութիւնը յայտնեց տրուած քաղաքավարական այցելութեան համար։ Յիշեցուց թէ Գատըգիւղի պատմական թաղերէն մին է իր դարաւոր անցեալով։ Գնահատելի էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին կատարած բծախնդիր գրական աշխատութիւնը եւ ինք մեծաւ ուրախութեամբ կ՚ողջունէր նման աշխատութիւն մը։ Այս առթիւ գնահատեց Տէր Հայրը իր աշխատասիրութեան առիթով։ Սրբազան Հայրը թելադրեց համայնքային կեանքը վարել համագործագկցութեամբ ու շարունակել կրօնական եւ մշակութային աշխատանքները։ Այցելութեան աւարտին, յաջողութիւն եւ կարողութիւն մաղթեց Գատըգիւղի ընտանիքի բոլոր անդամներուն։