ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

kadikoyԳատըգիւղի թաղային մարմիններու ներկայացուցիչները գլխաւորութեամբ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քհնյ. Տամատեանի, 20 Նոյեմբեր 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 10.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Խումբին մաս կը կազմէին Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Արման Պիւքիւճեան, Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի ՏՆօրէն Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Մէլինէ Քըլըճսօրալ, Արամեան-Ունճեան Վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Լեռնա Քարաքիւթիւկ, Տիկնանց Յանձնախումբի Ատենապետուհի՝ Վէրժին Պիւքիւճեան, Գատըգիւղի ազգայիններէն՝ Մկրտիչ Սէրթշիմշէք։

Հանդիպման ընթացքին, այցելուները Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին 22 Նոյեմբեր, Ուրբաթ երեկոյին Արամեան Սանուց Միութեան սրահին մէջ, Լեռնա Քարաքիւթիւկի նախաձեռնութեամբ սարքելի «Ոսկեդարէ Ոսկեդար» գեղարուեստական հանդէսին, առ ի պանծացում Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց։

Ապա Նորին Սրբազնութեան, հաղորդուեցաւ, թէ 2013-2014 շրջանին կը հանմընկնէին երեք յիշատակելի հանգրուաններ. Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի կազմութեան 75ամեակը, Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ երկրորդ վերաշինութեան 200-ամեակը նաեւ Արամեան-Ունճեան Վարժարանի հիմնարկութեան 140-ամեակը։ Տեղեկութիւններ փոխանցուեցաւ նաեւ երեք յիշատակութեանց առթիւ ծրագրուած հանդիսութեանց մասին, որոնց համակարգումը վստահուած էր Մկրտիչ Սէրթշիմշէքի գլխաւորած յանձնախումբին։

Նորին Սրբազնութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց ծրագրուած հանդիսութեանց համար եւ օրհնեց տարուած աշխատանքը, եւ այժմէն յաջողութիւն մաղթեց բոլոր աշխատողներուն։