ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. «ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԽՈՀԵՐ»

Kategori: Եկեղեցական

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 12 Նոյեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ժամը 11.30-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանն ու Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը։

 

Հիւրերը նախ տեղեկութիւն տուին Ս. Թագաւոր Եկեղեցիէն հաստատուած «Ս. Թագաւոր Մատենաշար»ի մասին։ Ուրախութեամբ յայտնեցին թէ՝ Յարութիւն Աբեղային հեղինակած «Շաբաթական Խոհեր»ը լոյս տեսած էր, որպէս 6րդ գիրքը սոյն մատենաշարի։ Անոնք յիշեալ աշխատութիւնը Պատրիարքական Աթոռոյ ներկայացնելու համար փութացած էին Գումգաբու։ Այնուհետեւ, գիրքի հեղինակ Հայր Սուրբը նախ յայտնեց թէ՝ յիշեալ գիրքը ձօնուած էր Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Մութաֆեանի հոգեմտաւոր ծառայութեան, որուն որպէս արդիւնք Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը նոր թափ ստացած էր Պոլսոյ մէջ։  Ապա, գիրքի բովանդակութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Նորին Սրբազնութեան։ Գիրքին մէջ յիշուած են Պոլսահայ եկեղեցական կեանքի ծանօթ անուններէն ոմանք, որոնց մէջ մասնաւոր հետաքրքրութեան արժանի կը դառնայ Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը։ Գրութիւններէն ոմանք, անցեալին լոյս տեսած են նաեւ մամլոյ մէջ։ Կը յիշատակուին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինն ու Վեհափառ Հայրապետը, Ազգային Կեդրոնական Վարժարանը, Ս. Թագաւոր Եկեղեցին, Շահան Սրբազանը, Կոմիտաս Վարդապետը եւ նմանապէս սրբավայրեր ու օրինակելի դէմքեր։ Գրքին մէջ տեղ տրուած է նաեւ նիւթերու հետ առընչուած նկարներուն եւ հակիրճ տեղեկութիւններուն։

2019 HAYR HARUTYUN KITAP

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, տեսնելով սոյն աշխատութիւնը մեծապէս գնահատեց Հայր Սուրբը։ Յիշեցուց, թէ Հայ հոգեւորականին համար կարեւոր էր գրականութիւն արտադրել ի փառս Հայ Եկեղեցւոյ։ Ուրախ էր, թէ Պատրիարքական Աթոռոյ երիտասարդ միաբաններէն մին, հետեւելով նախնիներու օրինակին, կը ջանար գրական ներդրում բերել ժողովուրդի զաւակներուն։ Գնահատեց նաեւ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ գովելի գաղափարը, որով տարբեր առիթներով Պատրիարքական Աթոռոյ իսկ հովանաւորութեամբ լոյս կը տեսնեն զանազան գիրքեր։ Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց այցելու հոգեւորականներուն իրենց եկեղեցական գործունէութեանց մէջ։