ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. «ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ԽՈՀԵՐ»

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Karasnorya Khoher FrHarutyunՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի օրհնութեամբ, Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ կողմէ Հոկտեմբեր 2017ին լոյս ընծայուեցաւ՝ «Քառասնօրեայ Խոհեր» գիրքը։ Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնի եւ Մշակոյթի Շաբթուան առթիւ հրատարակուած սոյն գիրքը կ՚ըծայուի Հայ Եկեղեցւոյ ընթերցասէր հասարակութեան։

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ՝ թաղի անցեալի հրատարակչական գործունէութիւնը շարունակելու նպատակաւ, եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասու եւ թաղային խորհուրդին համատեղ գաղափարով, որոշուած էր որոշ չափով կրկին կեանքի կոչել թաղի հրատարակչական աշխատութիւնները։ Այնուհետեւ հաստատուեցաւ «Ս. Թագաւոր Մատենաշար»ը, որուն առաջին հրատարակութիւնը դարձաւ՝ Եկեղեցւոյ Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի կողմէ գրի առնուած այս գիրքը։

Գիրքը ձօնուած է տպագրուած առաջին Հայերէն Աստուածաշունչ Մատեանի 350-ամեակին առթիւ։ Ան կը բաղկանայ, 178 էջերէ, որուն պարունակութիւնը կ՚ընգրկէ օրագրութիւն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններ։ Գիրքի մէջ տեղ տրուած է նաեւ աղօթքներու, ինչպէս նաեւ Քառասնօրեայ Ապաշխարութեան շրջանին Հայր Սուրբի կողմէ գրի առնուած քարոզներ։

Հայր Սուրբը իր սրտի խօսքին մէջ կը ներկայացնէ Քառասնօրեայ Խոհերու նպատակը. «Երբ անցեալ օրերու մասին կը մտածեմ, կը խոստովանիմ որ լաւ ըրեր եմ ամենօրեայ մտորումներն ու օրագրութիւններս գրի առնելով։ Կրնամ ըսել թէ գրուածները պարզապէս կը ներկայացնեն որոշ դէպքեր, դասեր եւ մտածումներ, զորս կը ջանամ սեւագրել առանց որեւէ պաշտօնական կաղապարի։ Երբեմն կարճ քարոզ մը կ՚ըլլայ այս, երբեմն դէպքի մը արձագանգը, երբեմն դէմքերուն թողած ազդեցութիւնը։ Այս բոլորը պարզապէս կը փորձեմ անմահացնել տկար տողերովս։ Այս առիթ մըն է դէպի մեր ներքին աշխարհը ճամբորդելու եւ մեր գտածները գրութեան վերածելու։ Այլ խօսքով, այս բոլորը պարզ գրիչի մը արտադրութիւնն է։ Ան կը ջանայ ներկայացնել հեղինակին քառասուն օրերը եւ ապրումները։ Սա փաստն է թէ խօսքը կը թռչի, իսկ գիրը կը մնայ։ Եթէ յիշողութեանս վստահէի եւ գրելէ փախուստ տուած ըլլայի, ինչպէ՞ս պիտի յիշէի մանրամասնութիւնները այս իւրայատուկ եւ անկրկնելի շրջանին։ Ինչպէ՞ս պիտի յիշէի մեզի տրուած խրատները, մեր քաղած դասերը։ Երբեմն ինքնադատողութեան լաւագոյն ճամբան պիտի ըլլայ յիշեալ էջերը։ Ցոյց պիտի տան թէ ի՞նչ էինք, ի՞նչ եղանք։ Անձնական հանգամանք ունին անշուշտ այս բոլորը եւ կը ներկայացնեն Յարութիւն Աբեղայի ներքին աշխարհը եւ նորընծայի տեսանկիւնէն դէպքերու դիտարկումը» (19 Մարտ 2015, Հինգշաբթի)։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Տէր եւ Տիկին Արման Հիլքաթ ամոլը՝ ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ մեծմօր՝ Սոֆիա Խրիսոսթոմիտիսի։ Իսկ կողքը պատրաստած է Բրկ. Մուրատ Կ.Սրկ. Կոստանեան։

Փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Ս. Թագաւոր Եկեղեցի։