Գարակէօզեան Սանուց Միութիւն, Շիշլի

(Abidei Hürriyet Caddesi No: 228/1, 34381 Şişli)
Հեռ.՝ (0212) 246-7357

Գարակէօզեան Սանուց Միութիւնը 1950ին հիմնուած է: Գարակէօզեան Որբանոցի Տնօրէն Յարութիւն Սարայտարեան եւ իր աշակերտները բահն ու բրիչ ի ձեռին իրենց սիրտը դրած են: Նպատակն էր ուսումը շարունակել ուզող տղոց օգնել եւ անոնց առողջական վիճակին հոգ տանիլ: Այս պատճառաւ ալ 1966ին Շնորhք Պատրիարքի առաջնորդութեամբ, Գէորգ Գարամանուկի ու Ֆէրտինանտ Մանուկեանի նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ Գնալըի Կազդուրման Կայանին հիմը դրուեցաւ: Պենոն Գուզուպաշի գլխաւորութեամբ Մարալ երգ ու պարի անսամպլի աշխատութիւններուն առիթ տրուեցաւ: Թատերական ձեռնարկներու կարգին աչքառու եղան Արթօ Պէրպէրեան եւ իր կողակից՝ Պէրճուհի Պէրպէրեան: Երաժշտութեան մարզի մէջ ալ բազմաթիւ ելոյթներու տեղ տրուեցաւ: