ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ 100–ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ

Kategori: Համայնքային

karagozyanԳարակէօզեան Տան Խնամակալութիւնը որոշած էր նշել հաստատութեան հիմնարկութեան 100-ամեակը եւ այս ուղղութեամբ կազմած էր կարգադիր յանձնախումբ մը։

Յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ իրենց ատենապետ Հայկ Ասլանեանի, 27 Փետրուար 2013, Չորեքշաբթի, Ժամը 16.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները տեղեկութիւն տուին Գարակէօզեան Տան 100-ամեակի առթիւ մշակուած ծրագրի մասին եւ խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը։ Յանձնախումբը կ՚աշխատի իրագործել բազակողմանի ծրագիրներ։ Այս ծիրէն ներս կը նախատեսուի կրօնական, մշակութային, մարզական, երաժշտական, ընկերային, թատերական, գեղարուեստական հանդիսութիւններ։ Ասոնց առընթեր կը ծրագրուի յուշամատեանի մը պատրաստութիւնը, արձանացնելու համար հաստատութեան այս պատմական հանգրուանը։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց յանձնախումբի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։