ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՅԱ ԳԱԼԱՅՃԸԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

Karekin Kalaycı

Սկիւտարի Քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, 10 Սեպտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, ժամը 19.00-ին, Սկիւտարի Նէվմէքան Սահիլի Ցուցահանդէսի սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Գարեգին Քայա Գալայճըի «Մատէնին Իհթիշամը» (Մետաղին Փառքը) խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Բացման հանդիսութեան յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր մասնակցեցաւ, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Գարեգին Գալայճը, յատկապէս հանրածանօթ դարձած է Օսմանեան շրջանէ հասած «Թոմպաք» կոչուած ձեռարուեստով, զոր կը ձեռագործէ պղինձը։ Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ սոյն ձեռարուեստի միակ ներկայացուցիչներն են Գարեգին Գալայճըն եւ իր դուստրը՝ Ռուպինա Գալայճը Չնարը։ Սկիւտարի Քաղաքապետ Հիլմի Թիւրքմէն, փափաքն ունեցած էր այս պատմական արուեստը ցուցահանդէսով ներկայացնել հանրութեան։ Արժանապատիւ Տէր Հայրը, այս առիթով Պատրիարք Սրբազան Հօր ողջոյնները փոխանցեց յարգելի քաղաքապետին եւ յաջողութիւն մաղթեց։ Առ այս, Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը փոխանցեց նաեւ Գալայճը ընտանիքին եւ գնահատեց իրենց տարած եզակի աշխատութիւնը։ Յիշեալ ցուցահանդէսը մինչեւ 18 Հոկտեմբեր պիտի շարունակէ։