ԳԱՐԹԱԼԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

kartalԳարթալի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Յովհաննէս Սահակեանի, 2 Մայիս 2013, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Նշան Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներու մասին տեղութիւն տալու նպատակաւ ներկայացած էին՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր։ Եկեղեցւոյ տանիքի նորոգութեամբ եւ զանգակատան վերաշինութեամբ, եկեղեցւոյ արտաքին բարեզարդման աշխատանքները իրենց աւարտին հասած էին։ Այժմ ձեռնարկուած էր, եկեղեցւոյ ներքին բարեզարդման աշխատանքներուն։ Այցելուները յայտնեցին թէ, եկեղեցին երկար տարիներէ ի վեր բարեզարդման աշխատանքներու չէր ենթարկուած։ Այս առումով, անհրաժեշտ էր բարեզարդման աշխատանքներ կատարել որպէսզի եկեղեցին ներկայանալի վիճակի մը հասնէր։ Անոնք, կը նախատեսէին աշխատանքները իրենց աւարտին հասցնել մինչեւ եկեղեցւոյ տօնակատարութեան օրը՝ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը։ Անոնք կ՚ակնկալէին համայնքի օժանդակութիւնը, որպէսզի այս աշխատանքները յաջողութեամբ պսակուին։ Իրաւ էր թէ եկեղեցին կը գտնուի քաղաքէ հեռու եւ թաղի Հայ բնակչութեան թիւը նոսրացած, սակայն այդ չի նշանակէր որ եկեղեցին առանձին պիտի մնար։ Թաղային Խորհուրդի անդամները յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը իւրաքանչիւր օժանդակողին տեղեկութիւն փոխանցելու կատարուած աշխատանքներու եւ ծախսերու մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս յիշեցուց թէ համայքի զաւակներ պէտք էին օժանդակել Գարթալի Եկեղեցւոյ պայծառացման համար կատարուած աշխատանքներուն։ Նորին Սրբազնութիւնը, գնահատեց եկեղեցւոյ բարեզարդման համար եղած աշխատանքները եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Թաղային Խորհուրդին։