ԳԱՐԹԱԼԻ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

66048fbb-3994-4a05-b4a4-0e696ad3aea9Գարթալի Խնդրակատար Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամները 18 Ապրիլ 2017, Երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ.Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանի փափկավարական այցելութիւն տուին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս, Պէքճեանի կողմէ։

Ընդունելութեան ընթացքին Տէր Հայրը ներկայացուց Թաղական Խորհուրդի անդամները եւ յայտնեց թէ Թաղական Խորհուրդի անդամները ազնիւ նուիրատուներու ալ աջակցութեամբ յաջողցուցած էին եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքները, մանաւանդ տանիքի անյետաձգելի նորոգութիւնը։ Ձեռքբերուած յաջողութիւնը հրաշքի համազօր երեւոյթ էր, բնակչութենէ նոսրացած այս եկեղեցւոյ համար։ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ՝ Յովհաննէս Սահակօղլու յանուն իր ընկերներուն շնորհաւորեց Նորին Սրբազնութեան ընտրութիւնը ի պաշտօն Պատրիարքական տեղապահութեան եւ յաջողութիւն մաղթեց։ Նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ իրենց վարչական գործունէութեանց մասին։ Յայտնեց թէ իրենք կը գործէին միշտ ի մտի ունենալով հեռաւոր այս թաղի եկեղեցւոյ կանթեղին պայծառութիւնը։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց թէ եկեղեցին կը գտնուէր խղճամիտ ու գիտակից ծառայողներու ձեռքերուն մէջ եւ յիշեցուց թէ ամէն անոնք որոնք կը ծառայեն Աստուծոյ գործին, Աստուած վարձահատոյց կ՚ըլլայ իրենց։ Իր հայրական օրհնութիւնները տուաւ եւ թելադրեց նոյն թափով շարունակել իրենց ծառայութիւնը, որուն յաջողութեամբ պսակուիլը տեսնել հոգեւոր շինութեան եւ մխիթարութեան առիթ պիտի հանդիսանար համայնքի անդամներուն համար։