ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԼԵՒՈՆ ԱՐՔԵՊՍ. ԶԷՔԻԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Միջեկեղեցական

1607132_828355347246851_4624024683017932153_n11392879_452539158239306_1535334271756905507_nՊոլսոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական Կառավարիչ Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, 31 Մայիս 2015, Կիրակի, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի հաւանութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Ս. Պատարագ մատուցանեց։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Մարտինի Ասորւոց Մետրոպոլիտ Մօր Սալիպա Էօզմէն, Գերպ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեան եւ ուխտաւոր հաւատացեալներ։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Արամ Արքեպս. եկեղեցւոյ մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց ու ծանօթացուց Պոլսոյ Կաթողիկէ Հայոց Հոգեւոր Առաջնորդը։ Ապա, Գերապայծառ Լեւոն Արքեպս., Բանին Կենաց քարոզութեամբ օրուայ պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։

Ս. Պատարագի աւարտին, ներկայ հոգեւոր առաջնորդներու եւ ուխտաւորներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։