ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

Alman BaskonsolosԳերմանիոյ աւագ հիւպատոս՝ Ժութթա Վօլքէ, 25 Նոյեմբեր 2014, Երեքշաբթի, միջօրէին, այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Նորին Սրբազնութեան հրաւէրով, մեծայարգ աւագ հիւպատոսը հիրընկալուեցաւ ճաշասեղանով։ Ան, իր պաշտօնավարութեան շրջանին առաջին անգամ էր որ կ՚այցելէր Պատրիարքարան։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայ Համայնքի մասին։