ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

alman konsolos 4Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Մարտ 2021, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին, ընդունեց Գերմանիոյ Անգարայի մօտ Դեսպան՝ Ժիւրկէն Շուլցը։ Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Դեսպանին կողակիցը եւ Դեսպանութեան խորհրդական Փօլ Ամաննը։

Այցելու Դեսպանը եկած էր քաղաքավարական այցելութեամբ՝ ծանօթանալու համար Թուրքիոյ Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին՝ Պատրիարքարանին եւ Նորին Ամենապատուութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը ինչ ինչ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ստանպուլահայ համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյ մասին։

Մեծայարգ Դեսպանը յայտնեց իր գոհունակութիւնը։ Իսկ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առթիւ, նաեւ կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Դեսպանին իր պաշտօնին մէջ։alman konsolos 3Այցելութեան աւարտին Դեսպան Շուլց նուիրեց Գերմանիոյ Դեսպանատան մեկենասութեամբ հրատարակուած աստուածաբանական երկու հատորներ, իսկ Նորին Ամենապատուութիւնը փոխադարձեց Քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքներու մասին հատոր մը, ինչպէս նաեւ Կարօ Քիւրքմանի հեղինակած Հայ գծագրիչներու մասին երկու մեծածաւալ հատորները։

Հանդիպման աւարտին, Շուլց շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան ջերմ ընդունելութեան համար ու մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն։

 

  • alman konsolos 2
  • alman konsolos 3
  • alman konsolos 4
  • alman konsolos