ԳԵՐՄԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Միջեկեղեցական

alman ilahiyatՄիւնիհի Լատին Կաթոլիկ Առաջնորդարանի Աստուածաբաններէն բաղկացեալ խումբ մը, 10 Հոկտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, ժամը 10.30-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը, Հայ Եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելած էին Պատրիարքարան։ Անոնք հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբազնութեան եւ հակիրճ տեղեկութիւններ ստացան Հայ Եկեղեցւոյ մասին։