ԳԵՐՄԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Կրօնական

Գերման Աւետարանական Եկեղեցւոյ խումբ մը հոգեւորականներ,  գլխաւորութեամբ վերապատուելի Ռափայէլ Նիքոտէմուսի 2 Յուլիս 2018, Երկուշաբթի ժամը 11.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

 

Խումբին մաս կը կազմէր նաեւ Գերման Աւետարանական Եկեղեցւոյ Ստանպուլի նախորդ շրջանի պատուելի Ուրսուլա Օկուսթ։ Հիւրերը Նորին Սրբազնութենէն տեղեկութիւններ խնդրեցին Հայ Համայնքին ու Պատրիարքութեան մասին։

KERMANATSINER

Անոնք լսեցին Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր բացատրութիւններուն եւ զանազան հարցումներ ուղղեցին։

 

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ փոխանցեց Իր օրհնութիւնները, գնահատեց իրենց ընդգրկած ծառայութեան ճանապարհը ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։