ԳԵՐՄԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Միջեկեղեցական

14 10 16 Alman Protestan HannoverԳերմանիայի Հաննովըր քաղաքէն խումբ մը ուխտաւորներ, 16 Հոկտեմբեր 2014, Հինգշաբթի, ժամը 14.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը, եկած էին քաղաքս, այցելելու համար փոքրամասնութեանց կրօնական հաստատութիւնները։ Անոնք, Սրբազան Հօր կողմէ տեղեկութիւներ ստանալէ յետոյ, հարցումներ ուղղեցին Հայ Եկեղեցւոյ, Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Հայ համայնքի մասին։