ԳԵՐՄԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Միջեկեղեցական

14 10 15 hessen nassau alman protestanԳերմանիայէն խումբ մը ուխտաւորներ, որ կը պատկանէին Հէսսէն-Նասսաույի Աւետարանական Եկեղեցւոյ, 15 Հոկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը, Պատուելի Անտրէաս Հէրմանի առաջնորդութեամբ, եկած էին քաղաքս, այցելելու համար փոքրամասնութեանց կրօնական հաստատութիւնները։ Անոնք, Սրբազան Հօր կողմէ տեղեկութիւներ ստանալէ յետոյ, հարցումներ ուղղեցին Հայ Եկեղեցւոյ, Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Հայ համայնքի մասին։