ԳԵՐՄԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Միջկրօնական

alman protestanԳերմանիայի Քլոսթէր Լօքքում Աւետարանական Եկեղեցւոյ Ճեմարանէն 13 հոգինոց ուխտաւորաց խումբ մը, 13 Մայիս 2013, Երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը եկած էին քաղաքս, այցելելու համար փոքրամասնութեանց կրօնական հաստատութիւնները։

Սրբազան Հօր կողմէ տեղեկութիւներ ստանալէ յետոյ, հարցումներ հարցուցին Պատրիարքական Աթոռոյս, Հայ համայնքի, Թուրքիոյ քրիստոնեաներու կեանքի, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց, Հայ Եկեղեցւոյ այս յարաբերութեանց մէջ գրաւած տեղին մասին։

Հիւրերը, շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց համար եղած հիւրասիրութեան համար։