ԳԵՐՄԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

alman protestan 2Գերման Աւետարանական Եկեղեցիէն17 հոգինոց ուխտաւորաց խումբ մը, 14 Մայիս 2013, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։

Խումբին մաս կը կազմէին Գերմանիոյ Քասսէլ քաղաքէն հովիւներ, որոնք եկած էր քաղաքս, այցելելու համար փոքրամասնութեանց կրօնական հաստատութիւնները եւ տեղեկութիւն ստանալու անոնց մասին։

Սրբազան Հայրը ողջունեց հովիւները եւ հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռոյս, Ստանպուլի Հայ համայնքին եւ Հայ Եկեղեցւոյ մասին։ Այցելուներ, մանաւանդ հետաքրքրուեցան միջեկեղեցական նիւթերով եւ այս ուղղութեամբ հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբազնութեան։

Մօտ մէկ ժամուայ այցելութեան աւարտին, հիւրերը, շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց համար եղած հիւրասիրութեան համար։