ԳԵՐՄԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

10669378_450802175079671_7026159394650004148_oԳերմանիայի Պայէրն քաղաքէն խումբ մը հոգեւորականներ, Տօրօթէա Կրէինէրի առաջնորդութեամբ, 27 Մայիս 2015, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը, եկած էին քաղաքս, այցելելու համար փոքրամասնութեանց կրօնական հաստատութիւնները։ Անոնք, Սրբազան Հօր կողմէ տեղեկութիւներ ստանալէ յետոյ, հարցումներ ուղղեցին Հայ Եկեղեցւոյ, Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Հայ համայնքի մասին։