ԳԵՐՄԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Միջեկեղեցական

alman protestanԳերմանիայի Մայնզ քաղաքէն խումբ մը ուխտաւորներ, 24 Հոկտեմբեր 2014, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը, միջեկեղեցական գետնի վրայ տեղեկութիւններ ստանալու եւ այլ կրօնական հաստատութիւններ այցելելու համար փութացած էին քաղաքս։ Սրբազան Հայրը ներկաները ողջունելէ յետոյ իրենց հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ապա պատասխանեց Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Հայ համայնքի մասին ուղղուած հարցումներուն։