ԳԵՐՄԱՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՒ ԳԵՐՄԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Միջեկեղեցական
14424716_636086209884599_6917631768807455626_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 22 Սեպտեմբեր 2016, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գերման Կաթոլիկ եւ Գերման Աւետարանական Եկեղեցիներէն խումբ մը հոգեւորականներ, առաջնորդութեամբ Գերման Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Հայր Նիքոլաուս Ուիրվոլ Վարդապետի։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ եւ Միջեկեղեցական-Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։
 
Հիւրերը, սոյն այցելութեամբ կը նպատակէին մօտէն ծանօթալ Պոլսոյ Հայ Եկեղեցւոյ եւ իր հոգեւոր կեդրոնին։ Այցելուներ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Պոլսոյ Հայ համայնքի մասին պատշաճ ու հակիրճ տեղեկուններ ստանալէ յետոյ, հարցումներ ուղղեցին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ գործունէութեան մասին։
 
Հիւրերը, այցելութեան աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեցին ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար։