ԳԵՐՄԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական

alman ogrenciԳերման համալսարանականներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ իրենց դասախօս Քատիր Սանճըի, 11 Մարտ 2013, Երկուշաբթի, ժամը 14.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Խումբը, կը բաղկանար Գերմանիոյ Փոթստամ Համալսարանի սաներէն, որոնք Թուրքիա այցելած էին, ծանօթանալու համար տարբեր կրօնական հաւատալիքներու տէր հաւաքականութեանց հետ։ Այս առումով, փափաքած էին քաղաքավարական այցելութեամբ տեսնել Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնը։

Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ տեղեկութիւն տուաւ Թուրքիոյ Հայ համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյս պատմութեան, այժմու վիճակին մասին, ապա պատասխանեց այցելուներու հարցումներուն։

Այցելութեան աւարտին հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբազնութեան եւ մեկնեցան գոհ տպաւորութեամբ։