ԳԵՐՇ. Տ. ԱՐԱՄ Ս. ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՐԿԱԾԱՀԱՐ

Kategori: Կարճ լուրեր

Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ եւ Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ` Գերշ. Տ. Արամ Եպս. Աթէշեան 1 Մարտ 2005 Երեքշաբթի երեկոյեան երթեւեկի արկածի մը ենթարկուեցաւ։

Փանկալթըի երթեւեկի լոյսերուն ներքեւ Էմին Ալթընայի վարած ինքնաշարժը բախում ունեցաւ Գերշ. Սրբազան Հօր հետ, որ 1600ամեակի Կարգադիր Յանձնախումբի ժողովին նախագահելէ յետոյ, կը վերադառնար իր բնակարանը։

Ֆերիգիւղի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ դպիրներէն Արման Քութլու, որ այդ պահուն պատահաբար կը գտնուէր արկածի վայրը, անմիջապէս Սրբազան Հայրը փոխադրեց Թաքսիմի Շտապօգնութեան Հիւանդանոցը, ուր կատարուեցան առաջին քննութիւններն ու առնուեցան դարմանման միջոցներ։ Մինչ այդ ամէն քայլափոխէն տեղեակ պահուեցաւ Պատրիարքարանը։ Թաքսիմի Հիւանդանոցի քննութիւներու արդիւնքով յայտնի դարձաւ թէ Սրբազան Հօր աջ ծունկը, թիպիա եւ ֆիպուլա ոսկորները բեկանուած են։ Բարեբախտաբար ներքին կամ ուղեղային արիւնահոսութիւն տեղի չէր ունեցած։

Սրբազան Հօր աջ սրունքը գաճի առնուելէ վերջ, հիւանդանոց փութացող հոգեւոր հայրերու կողմէ փոխադրուեցաւ Ամերիկեան Հիւանդանոց։ Այստեղ Տքթ. Աքսել Սէյեահիի խնամքին տակ կատարուեցան առաջին քննութիւնները, որով յայտնի դարձաւ թէ բեկումներէ բացի որեւէ այլ մտահոգիչ բան չկար։

2 Մարտ Չորեքշաբթի միջօրէին, Սրբազան Հօր ծունկն ու սրունքը Ամերիկեան Հիւանդանոցի մէջ ենթարկուեցան յաջող վիրահատութեան։ Ըստ Տքթ. Սէյեահիի, Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը շուրջ մէկուկէս ամսուան ընթացքին կը վերագտնէ իր առողջութիւնը։

1 Մարտ Երեքշաբթի, ժամը 22.00ի շուրջ, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը այցելութիւն տուաւ արկածահար Սրբազան Հօր։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւն ստացաւ պատահարի մասին, արագ ապագինում մաղթեց Արամ Սրբազանին եւ աղօթեց իր առողջութեան եւ ցաւերու փարատման համար։