ԳԵՐՇ. Տ. ՏԻՐԱՅՐ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԿԸ ՊԱՏՈՒԱՍԻՐՈՒԻ ԶԲՕՍԱՆԱՒՈՒ ՊՏՈՅՏՈՎ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Պոլսահայութիւնը 22-24 Յուլիսի շաբաթավերջին մեծարեց Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Տիրայր Արքեպս. Մարտիկեանը, որուն ծննդեան 75, վարդապետութեան 50 եւ առաջնորդական պաշտօնին 45-ամեակները կը նշուէին քաղաքիս մէջ։ Այս առթիւ կազմուած էր յատուկ յանձնախումբ մը համայնքային դէմքերէ բաղկացեալ, որուն ատենապետն էր Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։

Հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց ծիրէն ներս 22 Յուլիս 2005 Ուրբաթ իրիկուն կազմակերպուած էր պտոյտ մը Վոսփորի գեղատեսիլ ափերուն։ Այս պտոյտը տեղի ունեցաւ համայնքիս բարերարներէն, Գարակէօզեան Վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի շքեղ զբօսանաւուն մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Յոբելեար Տիրայր Սրբազան Հայրը, Ռումանիոյ մօտ Հայաստանի Դեսպան՝ Եղիշէ Սարգիսեան եւ կողակիցը, Պուլկարիոյ համայնքէն Եղիազար Ուզունեան եւ կողակիցը, Գերմանիայէն Տիրայր Սրբազանի եղբօր թոռը՝ Արժ. Տ. Հայազատ Քհնյ. Մարտիկեան, Գերյ. Հ. Ճոն Ուըլի եւ Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբղ. Անուշեան։

Պտոյտին մասնակցեցան նաեւ կարգ մը պոլսահայ համայնքային գործիչներ, ինչպէս ՏԷր եւ Տիկին Հայկ Ասլանեան, Տէր եւ Տիկին Պետրոս Շիրինօղլու, Տէր եւ Տիկին Եփրեմ Պաղեան, Տէր եւ Տիկին Հրանդ Մոսկոֆեան, Տէր եւ Տիկին Վազգէն Պարըն եւ ուրիշներ։