ԳԷՈՐԳ ԷՕԶԳԱՐԱԿԷՕԶ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն. Ա. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, 13 Դեկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մալաթիա Հայտէրի վարչայիններէն Ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզը։

2019 MALATYA KITAP

Ան եկած էր Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրելու գիրքի շնորհանդէսի մը,  որ տեղի պիտի ունենար 19 Դեկտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը՝ 19.00-ին Ֆէրիգիւղի Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ։

 

Շնորհանդէսը պիտի կայանար Արշակ Ալպօյաճեանի «Պատմութիւն Մալաթիոյ Հայոց» գիրքի Թրքերէնով հրատարակութեան առթիւ։

2019 MALATYA KITAP DAVETIYE

Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, ուրախութեամբ ողջունեց քաղաքավարական սոյն այցելութիւնը եւ գնահատեց կատարուած աշխատանքը։