ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ՄԵՐ ԱՆՄԱՀԱՆՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

8 Հոկտեմբեր 2019ին, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ.Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, Առաջնորդարանի Արմէն Համբար սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ օգտաշատ գիտաժողով մը՝ «Հայ եկեղեցւոյ 20րդ. դարու ականաւոր հոգեւորականներ» խորագրով։

 

Գիտաժողովի հիմնական նպատակն էր պատմութեան էջերէն դուրս բերել, մեր ժողովուրդին յիշեցնել ու ծանօթացնել, միաժամանակ պանծացնել Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ այն երախտարժան տիտան դէմքերը, հոգեւոր կեանքի սիւները, որոնք իրենց ազգանուէր ու եկեղեցանուէր ծառայութեամբ յաւերժական կեանքի կնիքը կը կրեն։ Գիտաժողովի հիմնական նպատակներէն մէկն էր նաեւ ցոյց տալ թէ մեր եկեղեցին, ժամանակի յարափոփոխ վազքին մէջ կը շարունակէ ուսանելի արժէք դառնալ՝ կամրջելով իրարու մեր անցեալն ու ներկան։

 

Սրահին մէջ ներկայ էին Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի մեծաթիւ հոգեւորականներն ու

եկեղեցւոյ ծառայողները, նաեւ եկեղեցասէր ու մշակութասէր անձեր։ Ներկայ էր նաեւ Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ.Վաչէ Արք. Յովսէփեան։

 

Գիտաժողովին բացումը կատարեց Առաջնորդ Յովնան Սրբազան՝ բացման աղօթքով ու ողջոյնի խօսքով։ Նախ երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը, ապա Մատթէոսի Աւետարանէն հատուածի մը ընթերցմամբ, հոգեւորականները միաբերան՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցեցին։

 

Յովնան Սրբազան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց գիտաժողովի մասնակիցներուն։ Հայաստանէն հրաւիրուած էր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Քրիստոնէական Կեդրոն»ի տնօրէն՝ Գերպտ. Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան եւ Ստանտուլէն՝  Օր. Մաքրուհի Պ.Յակոբեան՝ որպէս վաստակաշատ լրագրող եւ գրագիտուհի, որոնք ընթացք տուած էին գիտաժողովին մասնակցելու հրաւէրին։ Յովնան Սրբազան այս առիթով յայտնեց որ Ստանպուլէն Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. քհնյ. Տամատեանն ալ հրաւիրուած էր այս համաժողովին, ներկայացնելու համար Օրմանեան Պատրիարքը։ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. ուղարկեց թէեւ իր բանախօսութեան պատճէնը, սակայն իր պաշտօնին բերմամբ չկարողացաւ գալ։ Այնուհանդերձ, Սրբազան Հայրը յայտնեց որ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ.ի ուսումնասիրութիւնը բազմագրուած ու դրուած էր սեղանին վրայ եւ տրամադրելի էր բոլորին։ Սրբազան Հայրը միաժամանակ նշեց որ յետագային նախատեսած է կազմակերպել անջատ հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին աւելի ընդարձակ գետնի վրայ պիտի արժեւորէ սոյն ուսումնասիրութիւնը։

 

Գիտաժողովին մէջ ներգրաւուած էին հետեւեալ հոգեւորականները. Մկրտիչ Կաթողիկոս Խրիմեան՝ բանախօս՝ Յովհաննէս Սրկ. Գումրուեան, Խորէն Ա. Կաթողիկոս Մուրատբեկեան՝ Տ. Վազգէն Քհնյ. Պօյաճեան, Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեանց՝ Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան՝ Նորայր Պօղոսեան, Գէորգ Զ. Կաթողիկոս Չէօրէքճեան՝ Տ.Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան, Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան, որու մասին հակիրճ ծանօթութիւն մը տուաւ Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ ցեղասպանութեան օրերուն Վահրամ Շեմմասեան, Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեան՝ Տիրան Աւագեան, Վազգէն Կաթողիկոս Պալճեան՝ Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան, Գարեգին Կաթողիկոս Սարգիսեան՝ Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան։

 

Գիտաժողովին բացումը կատարեց՝ Հայաստանցի մտաւորական, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, տոցենթ Նորայր Պօղոսեան, որ պարզեց ձեռնարկին կարեւորութիւնը եւ շեշտեց մեր մեծանուն եկեղեցականներու հետքերուն հետեւելու բարերար դերը։

 

Գիտաժողովը կայացաւ զոյգ նիստերով։ Պաստառի վրայ զեկուցումներու զուգահեռ կը ցուցադրուէին յիշեալ հոգեւորականներու նկարներն ու գործերը՝ որոնք առաւել հետաքրքրութիւն կը ստեղծէին։

 

Զոյգ նիստերուն վարիչն էր Ս. Էջմիածնէն՝ Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան, որ իւրաքանչիւր բանախօսէ ետք հանդէս կու գար եւ իր ընդհանուր արժեւորումները կ’ընէր, վաւերական եւ հանգամանալից շեշտադրումներով։

 

Գիտաժողովին ամփոփումն ու օրհնութեան խօսքը ըրաւ՝ Յովնան Սրբազան, որ կանգ առաւ մեր մեծանուն դէմքերու հետքերուն հետեւելով քալելու հրամայականին եւ բոլոր ոլորտներէ ներս ականաւոր գործիչներու թողած ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ զանոնք յառաջիկայ սերունդներուն ծանօթացնելու անհրաժեշտութեան վրայ։

2019 MAKRUHI ABD

Չափազանց հետաքրքրական եւ ուսանելի գիտաժողով մըն էր, որ լոյս կը սփռէր դարաշրջանի մը վրայ եւ կեանքի կը կոչէր եկեղեցական կեանքի անմահանուն դէմքերը, որոնք մեր հոգեւոր կեանքը ձեւաւորեցին եւ մեր մշակոյթին հսկայ հարստութիւն ժառանգ թողուցին։