ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ «ԵՐԿՈՒ ՈՒԽՏԱՒՈՐ» ՊԱՏՄԱՎԷՊԻ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

120085047_1641950022631541_1227167660923019916_o

Պատրիարքական Աթոռոյ Հրատարակչական Բաժանմունքը վերջերս ի լոյս ընծայեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պատմական վէպը՝ «Երկու ուխտաւոր»ը։

Նոյն առթիւ, 22 Սեպտեմբեր 2020, Երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կազմակերպուեցաւ գինեձօն մը։ Թագաժահրի համավարակի պատճառաւ սեղմ շրջանակի մէջ կայացած հանդիսութիւնը սկսաւ Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի բարի գալստեան խօսքով։ Ան յայտնեց հաւաքին նպատակը եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը։

Ապա բարձրախօսը յանձնուեցաւ Հրատարակչական բաժնի վարիչ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանին, որ հակիրճ կերպով խօսեցաւ «Երկու ուխտաւոր վէպը եւ անոր Պոլսոյ ոդիսականը» նիւթով։ Բացատրեց հատորի արեւմտահայերէն բնագիրի քաղաքիս մէջ հրատարակութեան պարագան եւ մաղթեց, որ Նորին Ամենապատուութիւնը իր բազմազբաղ վիճակին մէջ առիթ կը գտնէ կիսատ վէպը իր աւարտին հասցնելու։

Յայտագիրը շարունակուեցաւ համայնքիս երեք արուեստագէտներու՝ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի, Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Սէրճան Կազէրօղլուի երգերով։ Արթիւր Պաղտասարեան երգեց Ռոմանոս Մելիքեանէ «Վարդը», Վ. Կոտոյեանէ «Ինչպէս երազ», Սէրճան Կազէրօղլու՝ Խաչատուր Աւետիսեանէ «Ասում են թէ մոռացել ես», Առնօ Բաբաջանեանէ «Սիրոյ երգ» երկերը, հուսկ զուգերգ մը կատարեցին Ալեքսէյ Հէքիմեանէ «Բարի առագիլ»ը։ Բոլոր երգերուն դաշնակով ընկերացաւ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեան։

120129588_1641949405964936_7677974134011937708_o

Հանդիսութեան աւարտին շնորհակալութեան սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայ գիրին ու գիրքին ի պատիւ եղած սոյն հանդիսութեան համար։ Ան պատմեց թէ ինչպէս ծնունդ առաւ Երկու ուխտաւոր պատմավէպը 2007 թուականին եւ ըսաւ, որ ամէն հատոր հեղինակին համար նոր զաւակ մըն է։ Մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս իր ուրախութիւնը յայտնեց հատորին գտած յաջողութեան եւ ժողովրդականութեան համար եւ յոյս յայտնեց, որ վէպի արեւմտահայերէնը եւս նոյն հետաքրքրութիւնը կը գտնէ։

120081723_1641949499298260_5625336852202870419_oՆորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ.

Սերովբեանին, որոնց մղումով ձեռնարկուեցաւ սոյն հրատարակութիւնը։ Իր խօսքի աւարտին ցաւով անդրադառնալով հայ գիրի եւ գիրքի հանդէպ առկայ անտարբերութեան, ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, որ առանց գիրի եւ լեզուի չկայ հաւատք»։

Հանդիսութեան աւարտին Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. հրաւիրեց մեր Հոգեւոր Պետը գինիով լուալ նորատիպ հատորի առաջին օրինակը։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը մակագրեց առաջին օրինակը եւ ներկաներուն նուիրեց մէկական օրինակ։

Հանդիսութիւնը դիտելու համար կարելի է այցելել Աթոռոյս facebookի էջը։

Video: https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/videos/408122196818973

  • 120085047_1641950022631541_1227167660923019916_o
  • 120112827_1641949412631602_3940317075755276578_o
  • 120082783_1641949369298273_9220582227710355817_o
  • 120042211_1641949362631607_8431634830285975068_o
  • 120043310_1641949485964928_5531528984130130890_o
  • 120081723_1641949499298260_5625336852202870419_o
  • 120063097_1641949395964937_3639629759295779452_o
  • 120079999_1641949532631590_5497630644749066857_o
  • 120082778_1641949555964921_3958932980390910097_o
  • 120129588_1641949405964936_7677974134011937708_o