ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԵՍՐՈՊ Բ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Փաստաթուղթեր

 

21751766_830780070415211_5006160335044739572_n

badiarkaran logo

ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ
ՄԵՍՐՈՊ Բ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

Վաքըֆգիւղը Թուրքիոյ Հայ համայնքի իրականութեան մէջ ունի իր ինքնուրոյն տեղը։ Ան կերպով մը կը ներկայացնէ մեր ժողովուրդի գիւղերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցած է իր հարուստ աւանդութիւնները։ Հետեւաբար այս գիւղը ի զուր չէ որ ջերմ հետաքրքրութիւնը կը վայելէ մեր համայնքին, գլխաւորութեամբը Պատրիարքական Աթոռին։ Այդ գուրգուրանքը ի թերեւ չելլէր։ Այս գիւղի ժողովուրդը կը գիտակցի այդ գուրգուրանքին կարեւորութեանը եւ իր առօրեայ կեանքով ցոյց կու տայ թէ յիրաւի արժան է այդ բոլոր զոհողութեանց, որոնք պտուղներն են մեր ժողովուրդի նուիրատու եւ ծառայասէր ոգիին։
Այս գիւղէն հասան ուսումնատենջ երիտասարդներ, որոնք իրենց հասած դիրքերով պատիւ կը բերեն մեր համայնքին։ Մեզի եւ սրտով այս գիւղին կապուած իւրաքանչիւր անհատի համար ուրախութիւն կ՚առթէ տեսնել գիւղի ինքնուորոյն բարբառին սերունդէ սերունդ փոխանցումը։

Ահաւասիկ այս գիւղը որ քրիստոնեայ եւ իսլամ հարեւաններու հետ խաղաղ համակեցութեան տիպար մըն է, անցեալին ունեցաւ ներկայանալի աղօթատեղի մը, որուն իրականացման առաջնորդը հանդիսացած էր Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը, իր եպիսկոպոսութեան շրջանին։ Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարքի ձեռամբ օծուած Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ համար սրբազան երազ մըն էր տիրանալ ներկայանալի համալիրի մը, ուր կարելի ըլլար զանազան ձեռնարկներ իրականացնել, վասն գիւղացւոց բարոյական եւ նիւթական վերելքին։

Մեսրոպ Պատրիարքի շինարար երազը այսօր կեանքի կոչուած է։ Մենք այսօր սրտի անհուն գոհունակութեամբ եւ հոգեւոր ուրախութեամբ կ՚ողջունենք Վաքըֆգիւղի Մեսրոպ Բ Պատրիարքի Անուան Մշակութային Կեդրոնի բացումը։ Ամէն բանէ առաջ կը գնահատենք սոյն երազի իրականացման ջանադիրներու երախտագէտ կեցուածքը, որով անմահացուցած են Մեսրոպ Պատրիարք Հօր անունը, օրինակ հանդիսանալով այլոց։

Այս մշակութային համալիրը բնականաբար ունի իր բարերարները, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար հանդիսացած են այս պատուաբեր շէնքի կառուցման։ Նախ կ՚ուզենք մեր գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնել Հաթայի Կուսակալութեան գլխաւորութեամբ տեղական բոլոր պաշտօնական մարմիններուն եւ քաղաքապետութեանց իրենց ցուցաբերած բարոյական աջակցութեան եւ ընծայած դիւրութեանց համար։
Մենք մեր հայրական օրհնութիւնը կու տանք գլխաւոր բարերարներուն՝ Պետրոս Շիրինօղլուի, Տիգրան Կիւլմէզկիլի, Իսքէնտէր Շահինկէօզի գլխաւորութեամբ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, Արետ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին, Հայկ Ասլանեանի եւ Անահիտ Պօզաճեանի, ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրատուներուն որոնք իրենց լումաները տրամադրեցին այս սուրբ նպատակի իրագործման համար։

Հայրական սիրով կ՚ողջունենք Միհրան Ուլիկեանի անձնուէր ծառայութիւնը։ Ան, որ անցեալին սիրտ մաշեցուցած էր եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքներուն, այս անգամ ալ իր փորձառութեամբը ոչ միայն բարոյական աջակցութիւնը բերաւ, այլ անոր միացուց նաեւ իր սրտաբուխ նիւթական ներդրումը։ Գիւղացիները առ ի երախտագիտութիւն փափաքած են այս կեդրոնի սննդագործական աշխատանոցը ցօնել իր անուան, բան մը զոր կը գնահատենք։

Այս համալիրի կառուցման մէջ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցած են Եթքին Պէրպէրօղլու, հայր եւ որդի Ղազարոս եւ Կարպիս Ունան. առաջինը՝ շէնքին համար հարկաւոր մարմարիոնները նուիրելով, իսկ երկրորդները՝ շէնքին բոլոր վարագոյրներու պատրաստութեան ծախսերը հոգալով։
Բնականաբար այս գեղեցիկ կառոյցը ունի իր ճարտար ձեռքերը, որոնք սիրայօժար գործեցին։ Կ՚օրհնենք Ճարտարապետ՝ Սասնուհի Մուշլեանի, Ճարտարագէտներ՝ Լեւոն Էրասլանի եւ Նազար Պինաթլըի աշխատանքները եւ իրենց բերած օրհնեալ ծառայութիւնները։

Հուսկ մեր հայրական օրհնութիւնը կու տանք Վաքըֆգիւղի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ազնիւ անդամներուն, որոնք Ատենապետ Ճէմ Չափարի եւ Բ. Ատենապետ Պետրոս Շիշմանեանի գլխաւորութեամբ իրենց կարելին իւ գործ դրին, վայելելով մեր նոիրատու ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի բարերարներու վստահութիւնը։ Օրհնեալ ըլլան բոլորը։
Մեսրոպ Պատրիարք հաւատաց այս գիւղի կեանքին մէջ եկեղեցւոյ եւ մշակոյթի կարեւորութեան։ Վստահ ենք, որ այսօր եթէ ներկայ գտնուէր մեծ հրճուանքով բացումը պիտի կատարէր այս կեդրոնին։ Մենք խոնարհելով Աստուծոյ կամքին առջեւ, սրտեռանդն կ՚աղօթենք իր հոգւոյն փրկութեանը համար եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռի շնորհակալութիւն կը յայտնենք իրեն, ի տես իր իմաստուն հովուական կեցուածքին։

Խաչվերացի տաղաւարն է այսօր։ Այս կառոյցը այսօր ապացոյցն է, թէ մեր ժողովուրդը Քրիստոսի քաղցր լուծը պատիւով կը կրէ, որպէս խաչի մասունքներ։ Մեր ժողովուրդը գիտակցութեամբ եւ սիրով կրած է հաւատքի եւ մշակութային պատկանելիութեան խաչը։ Եւ այդ խաչը իր հրաշքները գործած է մեր առօրեայ կեանքէն ներս։ Այսօր կը գտնուինք հրաշքի համազօր երեւոյթի մը առջեւ, որ իրականացած է համատեղ ջանքերով ու աշխատութեամբ։

Մեր աղօթքն է, Վաքըֆգիւղի այս նորակերտ համալիրը, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործէ մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ բարոյական կեանքը պտղաբերելու առաջադրութեամբ։ Օրհնեալ ըլլան բոլոր անոնք որոնք իրենց մեծ ու պզտիկ զոհողութիւններով աղիւս եւ շաղախ եղան այս կառոյցին համար։ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին եւ Սուրբ Խաչին զօրութեամբ պահէ զիրենք եւ իրենց ընտանիքները փորձանքներէ եւ չար պատահարներէ։

Աստուծոյ օրհնեալ Սուրբ Աջը թող հովանի ըլլայ Ձեր բոլորին վրա. Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն։

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԷՔՃԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ