ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Kategori: Եկեղեցական
276

Պատրիարք Հայրը Ներսէսեան Դպրաց Դասու անդամներուն եւ համակիրներուն հետ, 10 Ապրիլ 2005

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասու հիմնարկութեան 148-րդ եւ վերակազմութեան 23-րդ կրկնակ տարեդարձները Գնալը Կղզիի բարձունքին նշուեցան 4 Սեպտեմբեր 2005 Կիրակի առաւօտ, հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով։

Ս. Պատարագը մատոյց Դպրաց Դասու Նախագահ՝ Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբղ. Անուշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բարեշնորհ սարկաւագներ՝ Ռոպէր Քիւչիւքագպուլութ, Ռոյ Քիւչիւքաթէշ,Վարդգէս Փէստիլճեան եւ Վաղարշակ Սերովբեան, Բրկ.Անդրանիկ Կսրկ. Տէմիրճիօղլու եւ Բրկ. Արթուն Ուր. Դպ. Թէքիրօղլու։ Իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան Դպրաց Դասու եւ քոյր երգչախումբերու անդամներուն կողմէ, ղեկավարութեամբՅակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Շանթ Էօզպիւլպիւլի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Հայր Սուրբը քարոզեց §Ապա երկինք նայեցաւ, հառաչեց եւ ըսաւ Եփփաթա՛¦ (Մարկոս 7.34) բնաբանով, եւ ըսաւ թէ Քրիստոս մեզի համար գեղեցիկ օրինակ մը կու տար այս շարժումով։ Մենք, ըսաւ Հայր Սուրբը, §Մեր յոյսը պէտք է դնենք Աստուծոյ վրայ, պէտք է աղօթենք յարատեւ եւ պէտք է հաւատանք, որ պիտի ստանանք¦։ Ապա, Հայր Սուրբը ըսաւ, թէ այսպիսի անձեր եղած էին անցնող 148 տարիներու ընթացքին եկեղեցւոյ կեանքին մասնակից դարձող Ներսէսեան Դպրաց Դասու անդամները։ Անոնք, իրենց հաւատքէն առաջնորդուելով եկած էին փառաբանելու զԱստուած իրենց աղօթքներով։ Հայր Սուրբը ըսաւ, որ §Այս պէտք է ըլլայ մեր այսօրուան կեցուածքը։ Մեր զաւակները պէտք է պահենք համայնքի երդիքին տակ։ Ահաւասիկ, կը գտնուինք վերամուտի սեմին։ Մեր զաւակները պէտք է որ յաճախեն համայնքային վարժարաններ, սանուց միութիւններ եւ դպրաց դասեր՝ հաւատալով այդ հաստատութեանց առաքելութեան¦։

Յաւարտ Ս. Պատարագի պաշտօն կատարուեցաւ Դպրաց Դասը հովանաւորող երջանկայիշատակ մեծանուն հոգեւորականներու, հոգելոյս նախագահներու, հանգուցեալ դպրապետ, երաժիշտ եւ անդամներու հոգիներուն ի հանգիստ։ Յիշուեցան նաեւ մշակոյթի, գիրի ու գրականութեան անմոռաց մշակները, որոնք իրենց երկրաւոր կեանքին մէկ մասը անցուցին Իշխանաց Կղզիներուն վրայ։

Հոգեւոր հանդիսութեանց աւարտին եկեղեցւոյ Ներսէսեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, ուր Դպրաց Դասու անդամներ, քոյր երգչախումբեր եւ համակիրներ համախմբուեցան տոհմիկ մթնոլորտի մէջ, գեղեցկօրէն պատրաստուած սեղաններու շուրջ՝ ապրելով յիշատակելի օր մը։