ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՐՋ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Kategori: Կարճ լուրեր

170ՄԱՐՄԱՐԱ (01/08/2005) – Ամառնային եղանակին անբնական չէ տեսնել որԻսթանպուլցիները խուժեն դէպի ամառանոցներ, դէպի ծովեզերեայ վայրեր ուայնտեղ անցընեն իրենց Շաբաթ կամ Կhրակիի արձակուրդը։ Գնալը Կղզին ալհինէն ի վեր անմասն չէ մնացած Կիրակիի այցելուներէն։

Բայց մասնաւորաբար երկու տարիէ ի վեր Գնալըի մէջ կացութիւնըարտակարգօրէն անհանդուրժելի ու մտահոգիչ դառնալ սկսած էաներեւակայելիօրէն բարձր թիւով այցելուներու, աւելի ճիշդ խուժաններուհետեւանքով։

Գնալըցիներուն համար Կիրակին այլեւս մեռեալ օր է, անոնցմէ շատեր կընախընտրեն փակուիլ իրենց տուներուն մէջ, մինչեւ իսկ փակելպատուհաններն ու դռները, որովհետեւ ամէն վայրկեան կրնան անհաճոյանակնկալի մը հետ դէմ յանդիման մնալ մինչեւ յետին փողոցները լեցնողխուժանին հետ։

Տեղացիներուն համար Կիրակի օրերուն շարժելու տեղ իսկ չկայ եւ որեւէիշխանութիւն ալ հետաքրքրուած չունի այս խուժանին առաջքը առնելուհամար։

Յաճախ կը լսուին անախորժ բացագանչութիւններ, որոնք կարծեսկ՚արձակուին որոշ նպատակներով։

Գնալըի մէջ քիչ չեն անոնք, որոնք սկսած են մտածել թէ Կիրակիի այսարտակարգ տեսարանը նախապատրաստուած ու նպատակաւոր ձեռնարկմըն է։

Կ՚ըսուի որ քաղաքի կարգ մը շրջաններէն՝ Քաղաքապետութիւններհանրաշարժի ձրի սպասարկութիիւններ կը կազմակերպեն Կղզի երթալուզողներու համար։

Այս բոլորէն վերջ այլեւս կարելի չէ զարմանալ որ կռիւներ ալ ծագիլ սկսած ենԳնալըի փողոցներուն մէջ, եւ թէ կարգ մը այցելուներ առանց արտօնութիւնխնդրելու կը մտնեն սեփանակատէրերու պարտէզներէն ներս, կամ կ՚ուզենօգտագործել տուներու ճէմիշները, եւայլն։

Անհաճոյ տեսարաններ կը պարզուին մարգագետիններու վրայ, որոնքամբողջովին ճզմուած, հողի վերածուած են այլեւս։

Երէկ ոճրագործութիւն մըն ալ պատահեցաւ Գնալըի մէջ, ուր փողոցը ծագացբանավէճի մը միջամտել ուզեց ոստիկան մը որ յարձակումի ենթարկուեցաւ ուուզեց օդին մէջ կրակել։

Բայց խուժանը ծեծի ենթարկեց ոստիկանը ու ոստիկանին ատրճանակէնարձակուած գնդակ մը զարկաւ ներկաներէն մէկը։ Վիրաւորեալը ստամոքսէնծանր վիրաւորուեցաւ ու հիւանդանոց փոխադրուեցաւ։

Անցեալ Կիրակի ալ նմանօրինակ դէպք մը պատահած էր, նաւամատոյցին մօտխուժանը ծեծի ենթարկած էր ոստիկան մը։

Կը նշանակէ որ ոստիկաններն իսկ ապահովութեան մէջ չեն եւ կարելի չէսպասել որ անոնք ապահովեն միւս բնակիչներուն կեանքի անվտանգութիւնը։

Ցաւալի է որ Կղզիներուն Քաղաքապետը այս անբնական տեսարաններունարգելք ըլլալ չի փորձեր կամ ի վիճակի չէ արգելք հանդիսանալու։