ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

 

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Լեւոն Շատեան, 5 Ապրիլ 2018, Հինգշաբթի, ժամը 12.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

 

Այցելութեան նպատակն էր Պատրիարքական Աթոռոյ ու Կղզեաց Թաղային Խորհուրդի միջեւ առկայ յարաբերութեան տկարացումը բարելաւել, որպէսզի մերձակայ ամրան եղանակին բնականոն ծաւալին Կղզեաց վրայ կատարելի գործունէութիւնները։

 

Ան ապաւինելով Նորին Սրբազնութեան հայրական մերձեցման ու ներողամտութեան յայտնեց թէ կ’ընդունի անցեալին ակամայ կատարուած սխալները։

 

Յարգելի Ատենապետը մանրամասնեց, թէ ինչպիսի աշխատանքներ կը տարուէին ամառնային շրջանին Եկեղեցւոյ շրջաբակէն ներս։

 

Ան խնդրեց նաեւ թէ Եկեղեցւոյ հովիւը հարցը լուծուի ի մօտոյ, որպէսզի շարունակեն իրենց ծառայութիւնը մերազն ժողովրդեան։

KINALI NGAR

Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան եւ շինիչ կեցուածքին համար, խոստացաւ նաեւ, որ պիտի փորձէ լաւագոյն տնօրինումը կատարել ու գոհացում տալ ժողովուրդի պահանջքներուն, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։