ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

123Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանի պաշտօնական բացումըկատարուեցաւ 17 Յուլիս 2005 Կիրակի առաւօտ, հոգեւոր եւաշխարհիկ հանդիսութիւններով։

Առաւօտուն կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուածարարողութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբղ. Անուշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին բարեշնորհ Ռոպէր Քիւչիւքագպուլութ, ՎաղարշակՍերովբեան, Սահակ Պչաքճեան, Սեւան Ճիւանեան, ՅարութիւնՊապիկեան, Հայկ Քոփարեան սարկաւագները, բարեկրօն. ԱնդրանիկԿսրկ. Տէմիրճիեան, ուրարակիր Արթուն Դպիր Թէքիրօղլու եւ այլդպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ ՖէրիգիւղիՍրբոց Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբին կողմէ՝առաջնորդութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։

124
Հոգեհանգիստէն առաջ խօսած քարոզին մէջ, Ամեն. Ս. ՊատրիարքՀայրը ծանրացաւ օրուան Առաքելական թուղթին վրայ՝ բնաբանառնելով Պօղոս Առաքեալի խօսքը. «Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմիններըտաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի» (Ա.Կորնթ. 6.19)։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ ՍուրբԵրրորդութեան վարդապետութեան եւ մատնանշեց Սուրբ Հոգիինկատարած դերը մեր հոգիներու փրկութեան գործընթացին մէջ։ ՍուրբՀոգին կը ստանանք մկրտութեամբ եւ դրոշմով։ Սրբալոյս Միւռոնն է,որ կը խորհրդանշէ Սուրբ Հոգին եւ ատով կ՚օծուին, կը սրբագործուին եւ Աստուծոյ կը նուիրուին մեր մարմինները։ Մեր մարմինները յիրաւի Սուրբ Հոգիի տաճարներու կը վերածուին օծումով, Աստուծոյ Խօսքինընթերցումով կամ ունկնդրութեամբ, Քրիստոսի սուրբ եւ կենարարՄարմնին եւ Արեան հաղորդութեամբ։ Ուստի սո՛ւրբ է նաեւհաւատացեալի մարմինը։ Սո՛ւրբ է անոր ամուսնութիւնը երբ իրկեանքը կը միացնէ ուրիշ հաւատացեալի հետ։ Հաւատացեալը ըստայնմ պէտք է վերաբերուի իր մարմնին եւ պէտք է զգուշանայ զայնպղծելէ անսուրբ յարաբերութիւններով։ Ամուսնութենէ դուրս ամէն ձեւիեւ տեսակի սեռային յարաբերութիւն անընդունելի եւ պիղծ է Ս. Գրքի չափանիշերով։
Հաւատացեալի անշունչ մարմինն իսկ սուրբ կը նկատուի, եւ իբր այդ՝երկիւղով, հաւատքով ու զգուշութեամբ կը յանձնուի հողին։Հետեւաբար գերեզմաննոցները սրբատեղիներ են, կերպով մը՝բացօթեայ եկեղեցիներ, որոնց նկատմամբ յարգանք պէտք է ունենալ,գերեզմաննոցներու մէջ պէտք է վարուիլ այնպէս՝ ինչպէս պիտիվարուէինք եկեղեցիներու մէջ։ Շատ ցաւալի է երբեմնգերեզմաննոցներու մէջ կերուխում տեսնել, որ կը կատարուիանգիտակից ու անկիրթ մարդոց կողմէ։ Աւանդաբար,գերեզմանօրհնէքէ մը յետոյ, պոլսահայ հաւատացեալը կը գոհանայքիչ մը հրուշակով, իսկ ոմանք կը կիրարկեն իրենց ննջեցեալներույիշատակին որբանոցի մը կամ վարժարանի մը սաներուն ճաշ տալուգեղեցիկ, օգտակար, շինիչ եւ քրիստոնէավայել սովորութիւնը։

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը ներկայ ժողովուրդին յիշեցուց, որամէն անգամ երբ Կազդուրման Կայանին անդրադառնանք, բնական էոր մտածենք անոր հիմնադիրներուն՝ Երանաշնորհ Գարեգին Ա. եւՇնորհք պատրիարքներու վաստակին մասին։ Երանաշնորհհայրապետները հաւատացին նման հաստատութեան մը կարիքին եւիրենց կարելին ըրին զայն հիմնելու եւ ապա բաց պահելու համար։

Պատրիարք Հայրը ողջունեց Գերման Աւետարանական ԵկեղեցւոյՍտանպուլի նախկին հոգեւոր հովիւ եւ այժմ Գերմանիոյ Վէեսթֆալիոյ նահանգի Աւետարանական Եկեղեցւոյ տեսուչներէն ՎերապատուելիԿէրհարտ Տունքերի ներկայութիւնը, որ եկած էր իր Եկեղեցւոյնիւթական ու բարոյական օժանդակութիւնը միացնելու ԿազդուրմանԿայանին։

Պատրիարք Հայրը, ուրախութեամբ տեղեկացուց ներկայ ժողովուրդին,թէ յառաջիկայ 28 Յուլիսին տեղի պիտի ունենար Ս. Աթոռիս չորս ժառանգաւորներուն քահանայական ձեռնադրութիւնը։

125Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն ԿազդուրմանԿայանի հանգուցեալ սատարողաց, նաեւ ի մասնաւորի Պոյաճըգիւղինախկին կազդուրման կայանի հիմնադիր Երանաշնորհ Գարեգին Ա.Պատրիարքի եւ Գնալը Կղզիի կազդուրման կայանի հիմնադիրԵրանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի հոգւոցն ի հանգիստ։

126Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին Կազդուրման ԿայանիԳրիգոր Ճամպազեան խաղավայրին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։Նորին Ամենապատուութեան կողքին տեղ գրաւած էին ՎերապատուելիԿէրհարտ Տունքէր, Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբղ. Անուշեան, ԱռաքինազարդՄայր Հռիփսիմէ Սասունեան, Կղզեաց գաւառապետ Մէվլութ Քուրպան, Կղզեաց  քաղաքապետ Ճօշքուն Էօզտէն, ՇիշլիիՓոխքաղաքապետ՝ Վազգէն Պարըն, Գարակէօզեան Վարժարանի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր կողակիցը,համայնքային դէմքեր եւ այլ վարիչներ։

Կազդուրման Կայանի Վարչութեան անունով  ելոյթներ ունեցանԱտենապետ՝ Սեւան Չավուշեան եւ Տնօրէնուհի՝ Թալին Նայիր։ Հանդէս եկան կայանի սաներն եւ սանուհիները իրենց արտասանութիւններովեւ պարերով։ Ապա, տոհմիկ երգերով մթնոլորտը խանդավառեց՝ երգիչ Պարթեւ։

127Նորին Ամենապատուութիւնը փակման խօսքին մէջ գնահատեց ուքաջալերեց Կազդուրման Կայանի վարիչները, որոնք մեծապէս սատարկը հանդիսանային համայնքի կարիքաւոր տղոց եւ իրենց կարելին իգործ կը դնէին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ցաւով անրադարձաւնաեւ այն վատաբարոյ եւ անվայել հրապարակային կռիւներուն, որոնքվերջերս տեղի կ՛ունենան Գնալը Կղզիի վրայ հայազգիերիտասարդներուն միջեւ եւ երիտասարդները հրաւիրեց իրենցընտանիքներուն եւ մեր համայնքի զգաստ, ժուժկալ, կիրթ, շնորհալի ուպատուաբեր անդամներն ըլլալու։

Սիրոյ սեղանը վերջ գտաւ միաբերան երգուած Տէրունական Աղօթքով։