ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Միջեկեղեցական

Գնալը Կղզիի Յունաց Մէթամորֆոզ (Այլակերպութիւն) Վանքին մէջ, 6 Օգոստոս 2020, Հինգշաբթի առաւօտ, Յունաց Օրացոյցին համաձայն Վարդավառի տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Յունաց Պատրիարքին։ Վանքի տօնակատարութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Կղզեաց Թաղային Խորհուրդի անդամներէն՝ Արտա Չընար։

KINALI 2020 HUNATS VARTAVAR

Վանքի գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի աւարտին, Պարթոլոմէոս Պատրիարք կատարեց նաեւ խաղողօրհնութիւնը։ Շուրջ երկու ժամուան արարողութենէ ետք, վանքի հիմնադիրներն եւ սատարողները հանգտսեան աղօթքներով յիշատակուեցան եւ ապա վանքի փակին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց, Յունաց Վանքի Ամառնային Քամփի տնօրէն՝ Տիամանտի Քումվօբուլոս, որմէ յետոյ Պարթոլոմէոս Պատրիարք իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Յարութիւն Աբեղային, որ իր մասնակցութիւնը բերած էր տարեկան աւանդական տօնակատարութեանց։ Սիրոյ սեղանի տեւողութեան ընթացքին, տեղի ունեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Մինչ այդ ներկաներ մօտեցան Նորին Սրբութեան եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ իր օրհնութիւնը ստացան։ Յարութիւն Աբեղան, Նորին Սրբութեան փոխանցեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։ Մաղթեց որ, քորոնա համաճարակի ժխտական ազդեցութիւնը հեռանայ աշխարհէն, եւ յաջորդ տարի աւանդական տօնակատարութիւնները անցնին առաւել եւս խանդով։