Գողթան Դպրաց Դաս Երգչախումբ / Աթոռանիստ Մայր Տաճար

Նախագահ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք
Փոխ-Նախագահ՝ Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան
Դպրապետ՝ Վահէ Ուր. Դպ. Օհանեան

Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Դպրաց Դաս Երգչախումբն է։ Դպրաց Դասու նախագահն է օրուան պատրիարքը։ Դպրաց Դասը հիմնուած է 1719-ին։ 1828էն վերջ Դպրաց Դասը կ՚ունենայ իր ուսումնարանը, ուր եկեղեցական երգեցողութեան կանոնաւոր դասախօսութիւններ կը կատարուին։ Այստեղէն կը հասնին եկեղեցական երգեցողութեան վարժ երաժշտապետներ։ 1906-ին, Գրիգոր Մեհթերեանի առաջնորդութեանմբ խումբ մը կազմուած է երգելու համար Եկմալեան եռաձայն պատարագը։

Երչախումբը կազմուած է 1924-ին։ Սկզբնական շրջաններուն խումբը կազմուած է արական անդամներէ ու երգած է Եկմալեան եռաձայն ու Կոմիտասեան քառաձայն պատարագները։ Առաջին վարիչը եղած է հիմնադիր անդամներէն Արտաշէս Գալչընճեան։ Խումբին ԳՈՂԹԱՆ անուամբ կոչումը հիմնադիր անդամներէն Տիրան Փարթամեան առաջարկած է եւ ընդունուած։

Այժմ, Յովսէփ Գույումճեանի մականին ներքեւ կ՚երգէ Կոմիտասեան բազմաձայն երգեցողութեամբ։