ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէն Ելլելու Տօնին՝ 28 Մայիս Շաբաթերեկոյեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վերին տնօրինութեամբ, Գերշ. Տ.Շահան Ս. Արքեպս. Սվաճեան Սրբալոյս Միւռոնով օծեց ուպաշտամունքի վերաբացաւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր ԼուսաւորիչԵկեղեցին, որ քանի մը ամիսէ ի վեր փակ էր ներքին յարդարմանաշխատանքներուն պատճառաւ։ Սրբազան Հայրը օծեց Եկեղեցւոյ վէմքարը, բոլոր Ս. Սեղանները, խորհրդանոցներն ու Մկրտութեան աւազանը։

Ս. Էջմիածնի Տօնին, 29 Մայիս Կիրակի առաւօտ, ԳուզկունճուքիԵկեղեցւոյ մէջ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արքեպս. արարողութեանցհանդիսապետեց, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց։Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի ԶուարթնոցԴպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ։

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ բացատրեց Հայոց առաջինեկեղեցիին՝ Ս. Էջմիածնին ունեցած դերը Հայ ժողովուրդի հոգեւորվերածնունդին մէջ։ Քարոզի աւարտին կատարուեցաւ Մաղթանք ՄայրԱթոռոյ եւ պաշտօն եկեղեցւոյ բարերարներու հոգւոցն ի հանգիստ։