ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

kuzguncukԳուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեանի, 26 Ապրիլ 2013, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 1-2 Յունիս շաբաթավերջին։ 1 Յունիս 2013, Շաբաթ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ելն ի Վիրապէն Տօնին եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ պիտի կատարուի ուխտագնացութիւն եւ տեղի պիտի ունենայ կրօնական արարողութիւններ։ Իսկ 2 Յունիս 2013, Կիրակի, Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի Տօնին պիտի կատարուի եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները, շաբաթավերջի սոյն կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Տեղեկութիւններ տուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։ Ամէն Չորեքշաբթի, եկեղեցւոյ մէջ ուխտաւորներու մասնակցութեամբ արարողութիւններ կը կատարուէին։ Նաեւ կը շարունակուէին բարեզարդման աշխատանքները։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ կալուածային աշխատանքներու մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ս. Գրիգոր  Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց Աստուածահաճոյ գործունէութեանց մէջ։