ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

kuzguncukԳուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի, 11 Մայիս 2015, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 14 Յունիս 2015, Կիրակի առաւօտ։ Այցելուները, մատաղօրհնութեան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Տեղեկութիւններ տուին նաեւ իրենց աշխատանքներուն մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Գուզկունճուքի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։